2014-01-22 12:55:22

''Անմիջապէս դադրի Սուրիոյ ժողովուրդին էջքը դէպի դժոխք''` ըսաւ Գերապայծառ Մարիօ Զէնարի


Չորեքշաբթի 22 յունուարին, մինչ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ, ժընեւ2 համաժողովը սկիզբ կ'առնէ, Դամասկոսի մէջ Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Մարիօ Զէնարի կոչ կ'ուղղէ որպէսզի անմիջապէս դադրի սուրիոյ ժողովուրդին էջքը դէպի դժոխք։
Գերապայծառ Զէնարի, Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց` թէ Սուրիոյ բնակչութիւնը որ երեք տարիներէ ի վեր, թիրախ է պատերազմներու եւ բախումներու, մեծ յոյս դրած է ժընեւ2 համաժողովին վրայ։ Ան աւելցուց նաեւ թէ սոյն համաժողովը մէծ քայլ մըն է դէպի խաղաղութիւն, թէպէտ, գիտակից ենք թէ յառաջիկայ օրերուն դժուարութիւնները պիտի շարունակուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.